2014-07-05 11:48:57

Չէլէսթինեան Յոբելինական Տարի ` Չէլէսթինօ Ե Քահանայապետը։


Չէլէսթինօ Ե Քահանայապետը, հռչկաւոր է ոչ միայն քահանայապետ ընտրուած ըլլալուն համար, այլ՝ որովհետեւ ան հանսդիսացած է այն հազուաթիւ Քահանայապետներէն` որոնք իրենց գահէն հրաժարեցան։ Արդարեւ Չէլէսթինօ Ե եղած է` Սուրբ Կեղմես, Բոնցիանոս, Սեղբեստրոս, Պենետիկտոս Թ. Եւ Գրիգոր Զ.էն ետք վեցերորդ Քահանայապետը որ հարաժարած է Սուրբ Պետրոսի գահէն։ Անորմէ ետք հրաժարեցան` Գրիգոր ԺԲ եւ Պենետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետները։
Չէլէսթինօ Ե Քահանայապետը` աւազանի անունով Փիէթրօ Անճէլէրի, ծնած է Իտալիոյ
Իզէրնիա քաղաքը 1215-ին, աղքատ ընտանիքի յարկին տակ։
1231 թուականին, Փիէթրօ Անճէլէրի, կը մտնէ Պենետիկտեաններու վանքը, հոն՝ չգոհանալով նուիրապետութեան հոգեւոր կեանքէն, կը քաշուի Աւէնթինօ
գետի մօտակայքը, ուր՝ կ՛ապրի որպէս ճգնաւոր։
1238-ին կը կը մեկնի հռոմ , 1241-ին կը ձեռնադրուի քահանայ ու ապա կը փոխադրուի Ապրուցցօյի նահանգ ու 1265ին կը կառուցէ Սուրբ Օնոֆրիոյի անուան ճգնարանը եւ հոն կ՛ապրի որպէս ճգնաւոր` աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ։
5 Յուլիս 1294-ին, Փէրուճայ քաղաքին մէջ կայացած Կարտինալական ''Քոնքլաւը'' Հայր Փիէթրօ Տա Մորրոնէն կ՝ընտրէ որպէս Քահանայապետ եւ նոյն տարուայ 29 օգոստոսին, տեղի կ՛ունենայ Անոր Գահակալութեան արարողութիւնը Աքուիլայի Մայր Տաճառին մէջ, ուր կ՛ընտրէ նաեւ Չէլէսթինօ Ե անունը։ Անոր քահանայապետութեան շրջանը սակայն տեւեց մի քանի ամինսեր որովհետեւ Ան` 13 դեկտեմբեր 1294-ին հրաժարեցաւ իր գահէն ու իր յաջորդը` Պոնիֆասիոս Ը Քահանայապետը, իր առած այս որոշումին համար պատժելու համար զինք` զայն կը բանտարկէ Ֆրոզինոնէի բանտին մէջ ուր ի մահկանացուն կը կնքէ 19 Մայիս 1296-ին։
Չէլէսթինօ Ե , հռչկաւոր է ոչ միայն որովհետեւ քահանայապետ ընտրուած է, այլ՝ որովհետեւ Քահանայապետ ընտրուելէն 5 ամիս վերջ՝ հրաժարականը ներկայացուցած է Սուրբ Պետրոսի գահէն՝ 13 դեկտեմբեր 1294-ին ։
1313-ի մայիսին, Կղեմես Քահանայապետի օրով Ան Չէլէսթինօ Ե Քահանայապետը արժանացաւ խորաններու պատւոյն Սուրբ Փիէդրօ Տի Մորրոնէ անունով։








All the contents on this site are copyrighted ©.